image

Էրտողան պիտի փորձէ համոզել Պայտընը

Էրտողան պիտի փորձէ համոզել Պայտընը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կը փափաքի օգտագործել G20-ի գագաթաժողովը, որպէսզի համոզէ իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընէ` թոյլ տալ Անգարային գնել ամերիկեան ռազմական ինքնաթիռներ` իր կողմէ ռուսական С-400-ներ գնելէ յետոյ Թուրքիոյ հետ մեծ ռազմական գործարքներուն ԱՄՆ-ի դիմադրութիւնը յաղթահարելու ծիրին մէջ:

Անգարան անցեալ ամիս պաշտօնական հարցում ուղարկած էր Միացեալ Նահանգներուն` 40 նոր F-16 Block 70 ինքնաթիռ եւ Lockheed Martin ընկրակցութենէն իր F-16-երու արդիականացման գրեթէ 80 փաթեթ սարքաւորումներ ձեռք բերելու համար:

Ըստ պաշտօնեաներուն՝ հաւանական 6 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքը դժուար պիտի ըլլայ շահիլ՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ կողմէ С-400-ներու ձեռքբերման վերաբերեալ Գոնկրէսին առարկութիւնները եւ այդ համակարգերէն հրաժարելու Անգարայի մերժումը։

Էրտողան կ'ակնկալէ հանդիպիլ Պայտընի հետ G-20-ի գագաթաժողովի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան վերջը, չնայած նման հանդիպման մասին յայտարարութիւն չկայ:

Անգարան կը ձգտի ապահովել ՆԱԹՕ-ի պահանջներուն համապատասխանող ինքնաթիռներու անվտանգութեան ապահովումը:

Երկիրը կը ձգտի արդիականացնել իր ռազմաօդային ուժերը այն բանէն ետք, երբ անոր արգիլուեցաւ հինգերորդ սերունդի F-35 Lightning II անտեսանելի կործանիչներու գնումը: