image

Էրտողան եւ Պայտըն կը բանակցին՝ Պալիի մէջ

Էրտողան եւ Պայտըն կը  բանակցին՝ Պալիի մէջ

Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներ Թայէպ Էրտողան եւ Ճօ Պայտըն սկսած են հանդիպումը Պալիի մէջ, G20-ի գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս: Այս մասին տեղեկացուցած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։

«Նախագահ Էրտողան Պալիի մէջ, G20-ի առաջնորդներու գագաթաժողովի ծիրէն ներս, սկսած է բանակցութիւնները ԱՄՆ նախագահ Պայտընի հետ։

Փորձագէտները հանդիպումը կը գնահատեն որպէս «կրիտիկական», քանի որ պաշտօնական Անգարան հրապարակայնօրէն չէր ընդունած ԱՄՆ-ի ցաւակցութիւնները Իսթանպուլի ահաբեկչութեան առիթով, իսկ Էրտողան ինքը Պայդենը մեղադրած էր իսլամ քարոզիչ Ֆեթհալա Կիւլէնը թաքցնելու մէջ, որուն Թուրքիան կը մեղդրէ երկրին մէջ 2016 թուականի պետական յեղաշրջման փորձին մէջ։