image

Էրտողան չէ մասնակցած Պայտընի կազմակերպած ընթրիքին

Էրտողան չէ մասնակցած Պայտընի կազմակերպած ընթրիքին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը կը վերադառնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանէն։ Ան հրաժարած է մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի անունով մատուցուած ընթրիքին։

Այս մասին յայտնած է ermenihaber.am-ը։

Չմասնակցելու պատճառի մասին Անգարան դեռ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ ըրած, թէեւ թրքական լրատուամիջողները նշած են, որ այն հնարաւոր է կապուած ըլլայ Իսրայէլին ցուցաբերուող Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան հետ։

«Էրտողանը ՄԱԿ-ի ելոյթներուն մէջ ընդգծած էր Պայտընի վարչակազմի կողմէ Իսրայէլին տրուող աջակցութեան մասին եւ ընթրիքին չմասնակցիլը թերեւս ատոր պատասխանն է»,- գրած է աղբիւրը։