image

Երկու Պատրիարքներու առաջին հանդիպումը

Երկու Պատրիարքներու առաջին հանդիպումը

Յառաջիկայ օրերուն (այցը ընթացք պիտի առնէ 17 Յունուարին) Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը պիտի ժամանէ Երուսաղէմ։ 

Այցը, որ որպէս Պատրիարք առաջինն է իր տեսակին մէջ կրնայ բանալ նոր առանցքներ երկու Սուրբ Աթոռներուն միջեւ, որոնք ունին պատմական նախանցեալ։

Բաց աստի, որ քննարկումներու ընթացքին ուղենշային կերպով դրուած պիտի ըլլայ առկայ յարաբերութիւններուն նոր թափ մը հաղորդելու կարեւորութիւնը երկու հոգեւոր պետերը պիտի անդրադառնան կոչումներու խնդրին։

Գաղտնիք մը չէ անշուշտ, որ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն կրօնական մարդուժի տեսակէտէ Երուսաղէմի Աթոռը, բայց մանաւանդ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռը կը տագնապին այս խնդրէն ու այդ տագնապը սկսած է երեւելի դառնալ ամենատարբեր հարթակներու վրայ։ 

Մարդկային յարաբերութիւններու տեսակետէ Տ. Սահակ արք. յատկապէս այս կտրուածքով ունի կարեւոր ընելիքներ եւ գուցէ օգտակար դեր մը կրնայ ստանձնել Երուսաղէմի հայ Պատրիարք՝ Տ. Նուրհանին արք.ին կերպով մը տալով նոր հնարաւորութիւններ սկսելու տիալոկ բոլոր այն կողմերուն հետ, որոնք խորքային տարակարծութիւններ ունին Երուսաղէմի Պատրիարքին հետ։ 

Ամէն պարագայի շեշատակիօրէն ու մասնաւորապէս այս ժամանակներուն աւելի քան կենսական այցելութիւն մը պիտի Սահակ Բ. Պատրիարքին ու անոր գլխաւորած հանգամաւանոր պատուիրակութեան Երուսաղէմ տալիք այցելութիւնը, որուն պտուղները պիտի քաղենք (Տայ Աստուած որ քաղենք) գալիք ժամանակներուն։

Ի վերջոյ չմոռնանք, որ երկու Պատրիարքներուն գործած դաշտերը՝ Իսրայէլն ու Թուրքիան խիստ կարեւոր կեդրոններ են Հայոց համար ու այս այցելութեան դրական շեշտերը  կարող են վերածուիլ նաեւ քաղաքական դրական առանցքներու։

 

Սագօ  Արեան 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...