image

Երեւանի մէջ. Ճանապարհներու ծանր վիճակին ի հետեւանք հանրակառքերու վարորդները կը հրաժարին կառքերը վարելէ

Երեւանի մէջ. Ճանապարհներու ծանր վիճակին ի հետեւանք հանրակառքերու վարորդները կը հրաժարին կառքերը վարելէ

Երեւանի Ուլնեցի 1 հասցէին մէջ հանրակառքերը շարուած են, վարորդները հրաժարած են ճամբայ ելլելէ։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Երեւանի Աւագանիի անդամ, Ազգային առաջընթաց կուսակցութեան ղեկավար Հայկ Գրիգորեան:

«Մոնումենտում կոլապս (անկում) է, ոչ ձիւնն են մաքրել, ոչ աղն են ցանել, ավտոբուսները (հանրակառքերը) կանգնած են, չեն քշում, ճիշդ էլ անում են, ինչ քշեն, գնան պրոբլեմի (խնդիրի) առաջ կանգնեն»,-ըսուած է տեսանիւթին մէջ:

Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի խօսնակ Հայկ Կոստանեան  յայտնած է, որ առատ ձիւնի տեղումներով պամանաւորուած Ուլնեցի փողոց բարձրացող  գիծը  չի գործեր, քանի որ սառցակալուած հատուածներ կան: Ան վստահեցուցած է, որ մաքրման աշխատանքներ կ'իրականացուին եւ արդէն պիտի գործէ տուեալ ուղղութիւնը: