image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ. Հանրակառքերու վարորդները գործադուլ կ'ընեն

Երեւանի մէջ. Հանրակառքերու վարորդները գործադուլ կ'ընեն

Երեւանի մէջ հանրակառքերու խումբ մը վարորդներ երթուղի դուրս չեն եկած. անոնք  հաւաքուած են Ջրվէժի մէջ եւ կը հրաժարին երթուղի դուրս գալ: Խօսքը հին հանրակառքերու վարորդներուն մասին է:

Վարորդները կը պահանջեն, որ քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը գայ, որ անոր ներկայացնեն իրենց պահանջները: Վարորդները հրաժարեցան մանրամասն ներկայացնելէ իրենց պահանջները:

Միայն վարորդներէն մէկը ըսած է, որ կը պահանջեն աշխատավարձի բարձրացում, պայմաններու բարելաւում։

Նշենք, որ Երեւանի մէջ հանրակառքերու խումբ վարորդներու երթուղի դուրս չգալուն պատճառով որոշ կանգառներու մէջ մարդկոց մեծ կուտակումներ եղած են: