Երէկ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ լուր տարածուեցաւ այն մասին, որ Երեւանի քաղաքապետարանը չնախատեսուած վայրի մէջ աղբ թափելու համար 200 000 դրամի չափով տուգանք սահմանած է։ Այս մասին կը գրէ News.am-ը, նշելով, որ տուգանելու որոշումը նորութիւն չէ, այն եղած է նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կառավարման շրջանին։ Այսօր ալ կը գործէ 50 000 դրամի չափով տուգանք։ Սակայն այդ մէկը ետ չի պահեր հակաիրաւական գործողութիւններէն։
Ըստ News.am-ի, քաղաքացիներու մէկ մասը ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստով «թքած ունի» օրէնքներու եւ տուգանքներու վրայ, իսկ իշխանութիւնը «մտրակ» չի կիրառեր։
Լրատուամիջոցը բազմիցս գրած է խնդրի մասին եւ մէկ բակի օրինակով ցոյց տուած աղբահաւաքութեան «յեղաշրջումը»։
Լուսանկարներուն մէջ Վերին Շենգաւիթի համար երեք տան բակն է։ 5-6 տարի ոչինչ փոխուած է։ Եթէ նախապէս աղբը կը թափէին ներսը եւ աղբատարի շուրջ, ապա հիմա աղբատարը փակ է, աղբը «տեղակայուած է» բնակիչներու պատուհաններու տակ։
Առանձին ուշադրութեան արժանի են շէնքի նկուղները։ Լիարժէք հակաառողջապահական վիճակ կը տիրէ:


