Երեւանի մէջ այս տարի գարնան նախատեսուած էր փոխարինել շուրջ 400 ծառ: Աշխատանքներու ընթացքին հատուեցաւ 300 մանրատերեւ թեղի: Փոխարէնը տնկուեցան 350 նոր ու գործառնական ծառեր՝ լրացնելով նաեւ նախապէս հատուած կամ ինկած ծառերէն յետոյ ազատ մնացած բնաբաժակները:
Փոխարինուած ծառերն ունէին տարբեր հիւանդութիւններ, ձեւախեղուած էին ու այլեւս կենսունակ չէին: Ամէն տարի տասնեակ ահազանգեր կը ստացուին քամիի հետեւանքով ծառերու տապալման մասին: Կենսաբանութեան ոլորտի մասնագէտները նշած են, որ այս կ'ապացուցէ ծառերու ոչ առողջ ըլլալը:
Կենսունակութիւնը կորսնցուցած ծառերու փոխարինումն ուղղուած է նաեւ առողջացնելու քաղաքի կանաչ տարածքը: Իսկ նոր տնկուող ծառերը, մասնագէտներու խօսքով, պէտք է ոչ միայն համապատասխանեն քաղաքի կլիմային, այլ նաեւ ճարտարապետութեան:
Ծառերու փոխարինմամբ տնկուած են ձիակասկեր, սոսիներ, որոնք, ի դէպ, քաղաքային պայմաններուն կրնան մինչեւ 2500 տարի ապրիլ։
Երեւանի մէջ փոխարինման ենթակայ ծառերը շարունակաբար կը գոյքագրուին, յստակ թիւ առայժմ չկայ, սակայն կենսունակութիւնը կորսնցուցած բոլոր ծառերը տարիներու ընթացքին պէտք է փոխարինուին:
Ծառերու փոխարինումէն յետոյ հատուած փայտանիւթը կը տեղափոխուի Երեւանի ջերմոցատնկարանային վարչութիւն, ուրկէ կը բաժնուի կարիքաւոր ընտանիքներուն: