image

Երեւանեան այցի նախօրէին Քըլըչն Իգտիրի մէջ քննարկած է Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցը

Երեւանեան այցի նախօրէին Քըլըչն Իգտիրի մէջ քննարկած է Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցը

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը Հայաստան այցելելէ առաջ՝ սեպտեմբեր 11-ին, խօսած է առաջիկայ բանակցային օրակարգի մասին, յայտնած է թրքական Anadolu-ն։

Քըլըչն այցելած է Իգտիր՝ հանդիպելու նահանգապետ Էրճան Թուրանին։ Մեկնաբանելով սպասուող բանակցութիւնները՝ Քըլըչը յիշատակած է հաղորդակցային ուղիներու հարցը եւ նշած Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող ճանապարհը։

«Այդ հաղորդակցութիւնը շատ կարեւոր է։ Զանգեզուրի ուղին ոչ միայն կը վերաբերի Հայաստանին ու Թուրքիոյ, այլեւ ճանանարհ կը բանայ դէպի ամբողջ Կեդրոնական Ասիա ու թրքական հանրապետութիւններ։ Աստուած տայ՝ մեր նախագահի յանձարարականի համաձայն կարճ ժամանակի մէջ այդ ճանապարհը բացուի, յատկապէս մեր ամենամեծ նպատակն է նպաստել Կարսի եւ Իգտիրի տնտեսութիւններու զարգացման»։

Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը շեշտած է Հայաստանի սահմանը բանալու պատրաստակամութիւնը ՝ աւելցնելով, որ ծրագիրներու իրականացման համար անհրաժեշտ է արհեստագիտական աշխատանքներ իրականացնել։

«Մենք պիտի դիտարկենք այդ հնարաւորութիւնները եւ պիտի որոշենք, թէ ինչ կարելի է ընել երկու երկիրներու, յատկապէս՝ այս տարածաշրջանի տնտեսական կեանքի համար», – ընդգծած է բանագնացը։