Եւրոմիութիւնը պատրաստ է իր գործիքները ներդնելու ոչ միայն «Թրամփի ուղի» նախագիծի, այլ նաեւ ամբողջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան պարունակին մէջ կապակցուածութիւնը խթանելու համար։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը Սիւնիքի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին, գրած է «Արմէնփրէս»ը։
Դեսպանը նշած է, որ Եւրոմիութիւնը հետեւողականօրէն կ՚աջակցի խաղաղութեան՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։
«Մենք շատ երջանիկ ենք, որ խաղաղութիւնը կու գայ։ Շատ մանրամասնութիւններ դեռ պէտք է պարզաբանուին, բայց մենք այստեղ ենք՝ որպէս Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի կառավարութեան յուսալի գործընկեր, որ սատարենք ձեզի այս գործընթացին մէջ»,-ըսած է Մարակոսը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ TRIPP ուղին կը քննարկուի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ ձեւաչափով։ Որեւէ երրորդ կողմ կրնայ ներգրաւուիլ, երբ ՀՀ-ն ու Միացեալ Նահանգները ձեռք կը բերեն համաձայնութիւն։
Անոր խօսքով, Եւրոպական Միութիւնը ՀՀ-եան համար վստահելի գործընկեր է. «Մենք շահագրգռուած ենք, որ մեզ համար վստահելի աւելի ու աւելի շատ գործընկերներ ներգրաւուեն։ Բայց կոռեկտութեան առումով ֆիքսուել է, որ ՀՀ-ն ու ԱՄՆ-ն են թեման քննարկում, եւ երրորդ կողմերը կարող են ներգրաւուել երկու կողմերի համաձայնութեան դէպքում»։