image

«Ձեզ խաբած են». Քրեմլէն արձագանգ՝ «Վակներ»ի զինեալներուն

«Ձեզ խաբած են». Քրեմլէն արձագանգ՝  «Վակներ»ի զինեալներուն

ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիմած է «Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան գրոհային ջոկատներու մարտիկներուն՝ յայտարարելով, որ անոնց խաբեութեամբ ներքաշած են Եւկենի Փրիկոժինի յանցաւոր արկածախնդրութեան մէջ, գրած է ՌԻԱ Նովոստին։

«Կը դիմենք «Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան գրոհային ջոկատներու մարտիկներուն։ Ձեզ խաբեութեամբ ներքաշած են Փրիկոժինի յանցաւոր արկածախնդրութեան եւ զինուած ապստամբութեան մէջ: Ձեր ընկերներէն շատերը որոշ ջոկատներէ արդէն հասկցած են իրենց սխալը`օգնութիւն խնդրելով իրենց մշտական տեղակայման վայրեր անվտանգ վերադառնալու հնարաւորութիւնն ապահովելու հարցով: Մեր կողմէ նման օգնութիւնն արդէն իսկ ցուցաբերուած է մեզի դիմած բոլոր մարտիկներուն ու հրամանատարներուն»,-յայտնած են ռազմական գերատեսչութենէն:

ՌԴ ՊՆ-ն «Վակներ»ի մարտիկները յորդորած է խոհեմութիւն դրսեւորելու եւ հնարաւորինս շուտ կապ հաստատելու պաշտպանութեան նախարարութեան կամ իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ։