image

Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ազգային Բարերար Կիրակոս Գույումճեան«Կիլիկեան Ասպետ» շքնանշանին արժանացաւ

Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ազգային Բարերար Կիրակոս Գույումճեան«Կիլիկեան Ասպետ» շքնանշանին արժանացաւ

Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ազ Օրերս Քուէյթի մէջ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այդ գաղութ տուած հովուապետական այցի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է պարգեւատրումը գաղութի հանրայայտ բարերար եւ ազգային գործիչ ՝ Տիար Կիրակոս Գույումճեանի։

Նշենք, որ Տիար Գույումճեան բարերարութիւններ եւ ազգային գործունէութիւն կը ծաւալէ, ոչ միայն Քուէյթի հայկական գաղութին, այլ նաեւ Սուրիոյ, Լիբանանի ու նաեւ Մայր Հայաստանի ու Արցախի մէջ։

 Պայծառագոյն օրեր եւ լիարժէք առողջութեամբ առլցուն երկար կեանք կը մաղթենք ազգանուէր բարերարին եւ կը ներկայացնենք պարգեւատրումի մասին Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ տարածուած լրատւութիւնը։ 

 

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով համահայկական տարողութեամբ յատուկ նշումներ ու հանդիսութիւններ տեղի կ'ունենան աշխարհի տարածքին։ Այս առիթով, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահը վերանորոգելով՝ զայն վերանուանեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահ եւ պաշտօնական բացումը նախատեսեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնաբաշխ հովուապետական այցելութեան միջոցին։ 

Արդ, Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023֊ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը բացումը կատարեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ վերանորոգուած եւ Շնորհալի հայրապետին անունով վերաուանուած ներքնասրահին։ 

Յայտնենք, որ «Շնորհալի» սրահին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած էր Քուէյթահայ ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեան ու իրենց զաւակները։ 

Սրահի բացումէն ետք, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ.Վրդ Մանուէլեան խօսք առնելով շնորահակալութիւն յայտնեց նախ Վեհափառ Հայրապետին եւ ապա տիար Կիրակոս Գույումճեանին, որ ընդառաջելով թեմի փափաքին՝ ստանձնեց սրահի վերանորոգման բարերարութիւնը։ Ապա ընթերցուեցաւ Նորին Ս. Օծութեան սրբատառ կոնդակը, ուր Հայրապետը կ'ըսէր. «Քաջածանօթ ենք այն սիրոյն ու նախանձախնդրութեան, զորս ցուցաբերած էք միշտ, եւ կը շարունակէք ցուցաբերել, ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ։ Ուրախութեամբ կը վկայենք, թէ այդ սէրն ու նախանձախնդրութիւնը դուք գիտցաք գործնապէս արտայայտել, նաեւ Քուէյթի թեմէն ներս։ Արդարեւ, երկար տարիներէ ի վեր Քուէյթ հաստատուած ըլլալով, Ձեր կարեւոր ներդրումը ունեցաք թեմի կազմաւորման մէջ, եւ որպէս գործօն անդամ Ազգային մարմիններուն, Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը չխնայեցիք՝ ի խնդիր թեմի առաւել բարգաւաճման։ Օժանդակութեան ձեռք երկարեցիք ոչ միայն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Ազգային Վարժարանին, այլ նաեւ Ձեր հիմնած "Ներսէս Շնորհալի" մրցանակին ճամբով քաջալեր հանդիսացաք ուսումնատենչ երիտասարդներու ու պատանիներու։ Հայ թէ օտար մամուլի էջերուն մէջ Ձեր ստորագրած յօդուածներով դուք պայքարեցաք ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման։ Մենք կը հաւատանք, որ այս ծիրէն ներս Ձեր տարած հետեւողական ճիգով միշտ արծարծ պիտի պահէք մեր ժողովուրդի արդար դատը, յատկապէս օտար շրջանակներէ ներս»։ 

Հանդիսութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակոսի Գույումճեանին եւ կոչ ուղղեց ազգայիններուն՝ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու համայնքի ծրագիրներուն։ 

Յայտնենք, որ տիար Կիրսկոս Գույումճեանին «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանը շնորհուեցաւ երէկ՝ Շաբաթ, 13 Մայիս 2023֊ին, ի պատիւ Նորին Սրբութեան տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին։