image

Դէպի Ափրիկէ հացահատիկը՝ անվճար

Դէպի Ափրիկէ հացահատիկը՝ անվճար

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու ընթացքին որոշուած է հացահատիկը Ափրիկէին անվճար մատակարարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»-ը:

Թուրքիոյ նախագահը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ հացահատիկի նորացուած գործարքի ծիրին մէջ հացահատիկի առաջին քանակը ուղարկուած է Սոմալի, Սուտան եւ Ճիպութի:

«Փութինի հետ մեր բանակցութիւններուն ընթացքին մենք համաձայնած ենք անվճար հացահատիկ ուղարկել աղքատ երկիրներ: Մենք Փութինի հետ համաձայնած ենք, որ Ափրիկէն պէտք է շահի Սեւծովեան հացահատիկային միջանցքէն: Մենք պիտի ապահովենք, որ հացահատիկով չորս բեռնատար նաւերը հասնին այն երկիրներ, որոնք ներկայիս կը տառապին պարենային ծանր ճգնաժամէն եւ սովէն», ըսած է Էրտողան:

Լուրը՝ Ազդակէն