image

Դատախազները հետաքրքրուած չեն Արմէն Չարչեանի խնդիրը արդարութեան հիմունքով լուծելու

Դատախազները հետաքրքրուած չեն Արմէն Չարչեանի խնդիրը արդարութեան հիմունքով լուծելու

Եթէ Դատախազութեան համար գերակայող ըլլար իրաւունքը, մարդասիրական վարքագիծը, որ գրուած է օրէնքով, ապա «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Իզմիրլյան» Բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արմէն Չարչեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցի փոփոխման հարցով անյապաղ դատական նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գար։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը։

«Եւ այս պայմաններում դեռ չենք լսել Դատախազութեան կողմից որեւէ գործողութեան մասին, չենք լսել, օրինակ՝ անյապաղ դատական նիստ է հրաւիրուում. սա լուրջ խնդիր է։ Այս ամէնը քաղաքական վրէժխնդրութիւն է, սա զուտ խոշտանգում չէ, սա մարդու կեանքի իրաւունքի ոտնահարում է։ Պէտք է կալանքն անյապաղ վերացուի։ Դատախազներն այստեղ շահագրգռուած չեն իրաւունքով, արդարութեան սկզբունքով»,- նշած է պատգամաւորը։

Վարդեւանեանի խօսքով՝ Արմէն Չարչեանի նկատմամբ կ'իրականացուի քաղաքական հետապնդում, ըստ անոր, այստեղ երկրորդ կարծիքի հնարաւորութիւնը չկայ.

«Կալանաւորումը տեղի է ունեցել օրէնքի կոպտագոյն խախտմամբ Վերաքննիչ քրէական դատարանի փաստացի դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանի կողմից։ Այն, որ պարոն Չարչեանն ունէր առողջական խնդիրներ, բոլորին էր յայտնի՝ թէ իրաւապահներին, թէ դատախազին, թէ դատարանին։ Չնայած պատգամաւորի անձեռնմխելիութեանը, դրսեւորած պատշաճ վարքագծին, առողջական խնդիրներին, կալանաւորումն ընտրեցին որպէս խափանման միջոց։ Փաստն այն է, որ փրոֆեսոր Չարչեանի առողջական վիճակը ծայրայեղ վատթարացել է»։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը 23 Օգոստոսին Չարչեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու որոշման դէմ դատախազութեան բողոքը բաւարարած էր։ Դատարանի որոշումէն ետք Արմէն Չարչեանը սեփական նախաձեռնութեամբ գացած էր քրէակատարողական հիմնարկ, ապա՝ կալանաւորուած։ 30 Օգոստոսին յայտնի դարձաւ, որ Չարչեանի առողջական վիճակը վատթարացած է, ու ան տեղափոխուած է քաղաքացիական հիւանդանոց։