«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամը եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA) կրկին անգամ կը համագործակցին այս անգամ Ստեփանաւանի մէջ ընդլայնելու «Սերունդ» դպրոցը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ընկերակցութեան պաշտօնական կայքէն:
«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամը եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA) յայտարարած են իրենց հերթական համագործակցութեան մասին, որ այս անգամ ուղղուած է 2024 թուականին «Սերունդ» դպրոցի ընդլայնման Ստեփանաւանի մէջ:
Երկու կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը կը վկայէ համայնքին մէջ դրական փոփոխութիւններու խթանման ուղղուած գործունէութեան մասին: Նախաձեռնութեան հիմքն է ընկերային-յուզական ուսումնառութեան մօտեցումը, որու հիմնական նպատակը աշակերտներու համակողմանի զարգացումն է: Ընկերային-յուզական ուսումնառութիւնը նպատակ ունի բարձրացնել աշակերտներու յուզական բանականութիւնը, դիմացկունութիւնը եւ միջանձնային հմտութիւնները՝ երաշխաւորելով անոնց համակողմանի աճը:
Թէ՛ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ը եւ թէ՛ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնն անսասան են իրենց այն համոզումներուն մէջ, որ իրական կրթութեան գաղափարը չի սահմանափակուիր դասասենեակով: Ուսումնական ծրագիրին մէջ ներառելով ընկերային-յուզական ուսումնառութիւնը՝ սկիզբ կ'առնէ աշակերտներու ակադեմիական, ընկերային եւ յուզական յաջողութիւններուն նպաստող միջավայր, որ հետագային աշակերտներուն հնարաւորութիւն կու տայ դրական ազդեցութիւն ունենալ սեփական համայնքներու մէջ:
«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»
«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ը 2013 թուականին հիմնադրուած հասարակական ներազդեցութեան ուղղուածութեամբ կազմակերպութիւն է, որու նպատակը Հայաստանի հանրակրթական համակարգի բարելաւումն է, որպէսզի այն հաւասարապէս հասանելի դառնայ Հայաստանի բոլոր երեխաներուն համար։ Կազմակերպութիւնը կը ձգտի այս առաքելութեան իրականացման՝ հաւաքագրելով եւ վերապատրաստելով համալսարանական շրջանաւարտները եւ մասնագէտները, որոնք երկու տարիով կը գործուղուին համայնք՝ դասաւանդելու համայնքի դպրոցը։ Ապահովելով իր ծածկոյթը Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ՝ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ունի աւելի քան 130 Ուսուցիչ-առաջնորդ, 30.000 աշակերտ եւ 342 Շրջանաւարտ-դեսպան։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն (AMAA)
1918 թուականէն գործող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ կոչուած է բարելաւելու Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներու կրթական, ընկերային եւ հոգեւոր կարիքները: Տարբեր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով Ընկերակցութիւնը կը ձգտի նպաստել դրական փոփոխութիւններուն հասարակութեան եւ անհատներու կեանքի որակին մէջ:
Հարցերու պարագային՝ Տաթեւ Քափլանեան
tatev.kaplanyan@teachforarmenia.org
+374 77 66 52 59