image

Չինաստան սպառնալիք է Գերմանիոյ համար. Deutsche Bank-էն դիտարկում

Չինաստան  սպառնալիք է Գերմանիոյ համար. Deutsche Bank-էն  դիտարկում

Չինաստան զգալի վտանգ կը ներկայացնէ Գերմանիոյ համար։ Այս մասին յայտարարած է Deutsche Bank-ի ղեկավար Քրիսթիան Շիւինկ՝ աւելցնելով, որ Եւրոպային անհրաժեշտ են խոշոր դրամատուներ՝ ամերիկեան մրցակիցներուն զսպելու համար: Այս մասին յայտնած է Reuters-ը։

Երկրի խոշորագոյն վարկատուի գլխաւոր տնօրէնն ըսած է, որ Գերմանիան «այլեւս չի կրնար կանխել ընկրկումը», քանի որ երկիրը չափազանց կախուած է ռուսական ուժանիւթի միջոցներէն:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպան հասկցած է, թէ որքան վտանգաւոր է «չափազանց կախուած ըլլալ առանձին երկիրներէ կամ տարածաշրջաններէ»։ Ան նշած է, որ Գերմանիան այժմ պէտք է բախի Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ «անյարմար հարցի»՝ հաշուի առնելով անոր «աճող մեկուսացումն ու լարուածութիւնը»։ «Այդ կախուածութեան նուազեցումը կը պահանջէ ոչ պակաս հիմնարար փոփոխութիւններ, քան ռուսական ուժանիւթի ոլորտէն անջատումը»,-ըսած է Շիւինկ:

Շիւինկ կրկին կոչ ըրած է զօրացնելու անդրսահմանային դրամատնային գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ: «Դրամատնային գործին մէջ չափը կարեւոր է, եւ եթէ մենք չենք ուզեր խաղադաշտը յանձնել ամերիկացիներուն, Եւրոպան պէտք է ճիշդ պայմաններ ստեղծէ մեծ դրամատուներու համար»,-ըսած է ան: «Ամերիկեան դրամատուներու գերակայութիւնը բնութեան օրէնք չէ»:

UniCredit-ի գործադիր տնօրէն Անտրէա Օրսելը, խօսելով անդրսահմանային համախմբման մասին, ըսած է, որ «չափէն մեծ» ներքին համախմբումը լաւ չէ, քանի որ այն չի ստեղծեր «ֆինանսական ծառաիւթիւններու կապարագործութիւն»՝ տնտեսութեանն աջակցելու համար: Ան համաձայնած է, որ եւրոպական դրամատուներուն չի բաւարարեր մաշտապը, եւ որ ի վերջոյ համախմբում տեղի կ'ունենայ: