Չինաստանը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ մերձեցման՝ յանուն աւելի արդար համաշխարհային կառավարման: Այս մասին յայտարարած է Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինը Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպման, յայտնած է kommersant.ru-ն:
«Չինաստանը պատրաստ է մերձենալ Ռուսիոյ հետ՝ նոր դարաշրջանին մէջ չին-ռուսական յարաբերութիւնները մշտապէս զարգացնելու եւ համաշխարհային կառավարման զարգացումը աւելի արդար եւ ողջամիտ ուղղութեամբ համատեղ խթանելու համար», - Չինաստանի ղեկավարի խօսքերը մէջբերած է Չինաստանի Կեդրոնական հեռուստատեսութիւնը։
Տմիթրի Մետվետեւն այսօր՝ 21 դեկտեմբերին, հանդիպած է Սի Ծինփինի հետ. անոր այցի մասին նախապէս չէր յայտարարուած։ Ան Չինաստանի ղեկավարին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուղերձը:
Արեւմտեան երկիրները բազմիցս կոչ ըրած են Չինաստանին ազդելու Ռուսիոյ վրայ՝ Ուքրանիոյ զինուած հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար։
«Վետոմոսթի» թերթը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրը, յայտնած է, որ Սի Ծինփինը կրնայ դեկտեմբերի վերջը հանդիպիլ Վլատիմիր Փութինի հետ: