image

«Չեմ բացառեր...» Նարիշքին մեկնաբանած է ամերիկացի գործիչին Երեւան տուած այցը

«Չեմ բացառեր...» Նարիշքին մեկնաբանած է ամերիկացի գործիչին Երեւան տուած այցը

«ԱՄՆ  Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան տնօրէն Ուիլիըամ Պըռնզի այցը Հայաստան կրնայ եւ կապուած ըլլալ իմ այցի հետ, սակայն իմ Երեւան գալը ոչ մէկ կապ ունի ատոր հետ»,- Երեւանի մէջ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱՀԾ ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինը՝  պատասխանելով լրագրողի հարցին։

Յիշեցնենք, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ քանի մը ժամուան այցելութեամբ եղած էր Հայաստան: Այս մասին հաղորդած էին «Սփութնիք Արմենիա»-ի աղբիւրները:

Աղբիւրին տեղեկութիւններով` ամերիկեան հետախուզութեան ղեկավարին երեւանեան այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած եղած էին բարձր մակարդակի հանդիպումներ: