Շաբաթ՝ 10 սեպտեմբերին, Չարլզ երրորդ պաշտօնապէս պիտի հռչակուի Մեծ Բրիտանիոյ նոր թագաւոր, գրած է The Times թերթը։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ նոր թագաւորի պաշտօնական հռչակումը տեղի պիտի ունենայ 9 սեպտեմբերին։
Ինչպէս նշուած է յօդուածին մէջ, 9 սեպտեմբերին նոր թագաւորն ու քոնսըրթ(ամոլ)-թագուհի Քամիլան պիտի վերադառնան շոթլանտական Պալմորալ ամրոցէն, ուր նախորդ օրը մահացած է Եղիսաբէթ II-ը։ Հակառակ, որ պաշտօնապէս ան դեռ չէ հռչակուած Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր, իսկ թագադրումը տեղի պիտի ունենայ միայն ամիսներ անց, Չարլզ Ֆիլիփ Արթուր Ճորճը դարձած է Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր՝ մօր մահէն անմիջապէս ետք։
Կը սպասուի, որ օրուայ երկրորդ կիսուն թագաւորը առաջին հանդիպումն ունենայ վարչապետ Լիզ Թրասի հետ։ Չարլզ III-ը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ կոմս-մարշալ, Մեծ Բրիտանիոյ հերալտիք (կնքապահական - Արքունական գրասենեակի պետ) պալատի նախագահ եւ գլխաւոր արարողապետ Էտուարտ Ֆիցալան-Հոուարտի՝ Նորֆոլքի 18-րդ դուքսի հետ։ Վերջինս այս պաշտօնը ժառանգաբար ստանձնած է 2002 թուականին եւ պատասխանատու է կայանալիք թագաւորական յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար։ Եղիսաբէթ II-ի յուղարկաւորութեան օրը դեռ յայտնի չէ, սակայն հնարաւոր է, որ այն որոշուի հենց այդ հանդիպման ժամանակ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ 9 սեպտեմբերին տեղական ժամանակով ժամը 18։00-ի սահմաններուն (երեւանեան ժամանակով ժամը 21:00-ին) պիտի հեռարձակուի Չարլզ III-ի հեռուստատեսային ուղերձը, որ նոր կարգավիճակով առաջինը պիտի ըլլայ։