image

Պասքինթայի խորհրդանիշ Գրիգորը. Տեսանիւթ

Պասքինթայի խորհրդանիշ Գրիգորը. Տեսանիւթ

Լիբանանեան NoGarlicNoOnions յայտնի հեռուստածրագիրը տեսանիւթ պատրաստած է Լիբանանի հնագոյն գիւղերէն մէկուն մէջ՝ Պասքինթայի մէջ գործող  Krikor Bakery փուռի մասին, որու տէրը՝ հայ հացագործ Գրիգոր Արթին Արոյեանը 1965-էն մինչեւ այսօր կը պահէ ընտանեկան գործը՝ տեղացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն զարմացնելով թէ՛ իր պատրաատած ուտեստներով, թէ՛ աշխատասիրութեամբ:

Ան կնոջ հետ կը պատրաստէ լիբանանեան աւանդական նախաճաշ:  Շատերը յատուկ Պասքինթա կ'երթան՝ համտեսելու Գրիգոր Արոյեանի պատրաստած պանիրով, ծոթրինով, ձիթապտուղով, կանաչեղէնով, միսով եւ տեղական այլ թարմ մթերքներով թխուած հացերը:

Հաղորդման հեղինակ Անթընի Ռաֆայէլը առաջին անգամը չէ, որ իր հաղորդման ժամանակ անդրադարձած է հայ հացագործին՝ անոր անուանելով Պասքինթայի խորհրդանիշը:

Համեղ խմոր պատրաստելու գաղտնիքը Արոյեանը ժառանգած է իր մօրմէն, իսկ գործը առաջ տանելու հարցով անոր աջակցած է կինը, որուն հետ 57 տարի շարունակ ամէն օր կը բանան փուռը: