Այս կիրակի յատուկ առիթ ձեզի համար....
Քանի որ նոր տարին կը մօտենայ, եկէք ձեզի յատուկ գին մը ընեմ եւ ազգային բժշկական իմ բոլոր կարելիութիւններս նոր տարուան առթիւ ձեր տրամադրութեան տակ դնեմ։
Ուրեմն առիթը մի փախցնէք ու եկէք ազգային բժշկական այս sale-էն օգտուեցէք։ Հայաստանեան ասածով` «ակցիա է , էստի համեցէք...»։
Ի՞նչ կ'ուզէք բուժել , իշխանամոլութի՞ւն, , պնակալիզութի՞ւն, գողութի՞ւն, խաբեբայութիւն թէ փտածութիւն...
Գինը շատ շատ յարմար է ... Ախտորոշումը ամբողջովին ձրի է իսկ դեղորայքը ինձմէ ձեզի նուէր Է։ Ասկէ լաւ առի՞թ...
Ի՞նչ դարման կ'ուզէք , սէ՞ր, միութիւ՞ն , արդարամտութի՞ւն , ժողովրդավարութի՞ւն... Ինչքան կ'ուզէք, եկէք տարէք ։
Ո՞ւր էք , ձայն հանեցէք, եկէք մի վախնաք....
_ Հէյ , դուն, բարեկամ , եկուր հրամմէ, ազգային ցաւերուդ համար ի՞նչ դարման պէտք է։ ։
_ Շնորհակալեմ ազգային բժիշկ, բան մըն ալ պէտք չէ... Ես առողջ մարդ եմ, ազգային հիւանդութիւններով դեռ վարակուած չեմ...
_ Իսկ դո՞ւն... կամ ինքը, որեւէ մէկը... Ազգային որեւէ գանգատ մը չունի՞ք ... Դեղի դարմանի կարիքը չունի՞ք։
_ Շատ շնորհակալ ենք ազգային բժիշկ, մենք ալ առողջ ենք, ազգային որեւէ ախտով մենք վարակուած չենք։
Չեմ հասկնար յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ... Նոր տարուան շեմին ձեր ազգային առողջութիւնը յանկարծ ինչպէ՞ս բարձրացաւ....
Գիտեմ շուտով պիտի սկսիք իրար մաղթանքներ ղրկել կամ կաղանդ պապային նամակներ գրել ու ազգիս հայոց երջանկութիւն սէր եւ միութիւն հայցել ...
Ահաւասիկ բոլորը բերեր եմ ու ձրի կը բաժնեմ բայց առնող չկայ...
Իրաւ զարմանալի է , ես ինչքան գիտեմ հայը դեղի մոլի է , ոիովհետեւ անընդհատ ցաւերու մէջ է ... Հիմա եթէ երթամ ատամնաբուժական դարմանատունս բանամ եւ ակռայի ցաւի համար ձրի դեղ բաժնեմ, տեսէք ինչպէս ամէն մարդ վազելով քովս պիտի գայ ... Միայն կարգը երբ ազգային հիւանդութիւններուն գայ, յանկարծ այն ատեն բոլորին առողջ ըլլալը՞ կու գայ ....
Այսքան դեղ ու դարման հիմա ես ինչ պիտի ընեմ... Երեւի ստիպուած դարձեալ պիտի «մանղալս» վարեմ ու վրան ազգային համերաշխութի՞ւն «խորվեմ»...
Իսկ, եթէ հետն ալ կտոր մը ոչխարի դմակ խառնե՞մ եւ ախորժակնիդ գրգրեմ.... Այն ատեն պոյերնիդ տեսնեմ ...
Տեսնեմ այն ատեն կու գա՞ք թէ չեք գար....