Վերջերս, Էրեբունի վարչական շրջանի թիւ 10 գրադարանին մէջ Սպարապետ՝ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան յիշատակին համախմբուած են հայրենասէրներ, որոնց միաւորած է սէրը առ արուեստ, առ գիր ու գրականութիւն եւ մանաւանդ հայրենիք: Հայրենասիրութիւնը իւրովի ներկայացուած է այնտեղ:
Գրադարանի այս միջոցառման ներկայ եղած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, արմատներով սուրիահայ Արմէն Գէորգէ: Ան մէկն է այն ազատամարտիկներէն, որ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ պաշտպանած է հայրենիքը ու կռուած թուրքին դէմ։
Ազատամարտիկ, խոհարար, Հայաստանի ուժային եռամարտի (Փաուըրլիֆտինկ) ֆետերացիայի անդամ, ՀՀ «Դիւցազնագրքի» մրցանիշակիր՝ Արմէն Գէորգէ հանդէս եկած է նախաձեռնութեամբ։ Ան Էրեբունի վարչական շրջանի թիւ 10 գրադարանին մէջ եւս մրցանիշ մը սահմանած է` ցուցադրելով իր խոհարարական ունակութիւնները։ Արմէն Գէորգէ պատրաստած է համմոս` 2 վայրկեանուայ մէջ, ինչպէս նաեւ շատ այլ ուտեստներ` սահմանափակ ժամանակի մէջ։ Քանի որ համմոսը յայտնի նախուտեստ է իր օգտակարութեամբ եւ համով, յատկապէս պահքի շրջանին, խոհարարը չէր կրնար զայն շրջանցել, ան ըսած է, որ նման գեղեցիկ ուտեստներ սիրով պիտի պատրաստէ` պատերազմէն վերադարձած տղոց հարսանեկան արարողութեան ժամանակ։ Սա Արմէն Գէորգէի երկրորդ մրցանիշն է, որ նուիրուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներուն, անհետ կորած տղոց, եւ բոլոր մասնակիցներուն։
Միջոցառման ներկայ էին Դիւցազնագիրք դիւցազուններու միութեան հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Ուժային Եռամարտի (Փաուըրլիֆտինկ) ֆետերացիայի անդամներ, մշակոյթի գործիչներ եւ հերոսներու մայրեր։
Գրադարանին տնօրէնը՝ Զեփիւռ Սարդարեան ըսած է, որ նման միջոցառումներ այս գրադարանին մէջ յաճախ կը կազմակերպուին եւ նոր տաղանդներ կը բացայայտուին:
«Սա եւս մէկ առիթ էր բացայայտելու հայ սերունդի նոր տաղանդներ, ինչպիսիք են, օրինակ, միջոցառման ներկայ հայրենասէր փոքրիկներ՝ Մարիամ Մելքոնեան եւ Մարի Յակոբեան։ Անոնցմէ մէկը կ'ասմունքէ, միւսը` կ'երգէ: Տաղանդաւոր հայերը իսկապէս շատ են, բացայայտել պէտք է զանոնք», - իր խօսքին մէջ նշած է Դիւցազնագիրք դիւցազուններու միութեան հասարակական կազմակերպութեան նախագահ՝ Վարդան Թովմասեան։
Յիշեցնենք, որ Արմեն Գէորգէ արձանագրած է մրցանիշ՝ 1 վայրկեան 10 երկվայրկեանի մէջ պատրաստելով «Ուրֆայի քէպապ» հայկական աւանդական ճաշատեսակը, ապա ժամեր անց գերազանցած է իր մրցանիշը` 5 վայրկեանուայ մէջ պատրաստելով 7 շամբուր «Ուրֆայի քէպապ»:
Նիւթը՝ newinfo.am կայքէն