image

«Այսօրուան արուեստագէտին մարտահրաւէրն է ստեղծել դրական եւ ոգեշնչող գործեր».Կարպիս Քէնտիրճեան

 «Այսօրուան արուեստագէտին  մարտահրաւէրն է   ստեղծել դրական  եւ  ոգեշնչող գործեր».Կարպիս Քէնտիրճեան

Արմատներով  Մուսա Լեռցի, Այնճար  ծնած Կարպիս Քէնտիրճեան  իւրայատուկ  անուն մըն  նորահաս  սերունդին մէջ։ 

Ան  ցուցահանդէսներով եւ մանաւանդ «Այնճար Արթ Կալըրի»ի ցուցասրահէն ներս իր  գործերու մշտական ներկայութեամբ կը  համարուի Այնճարի  նոր սերունդի   ուշագրաւ անուններէն մին։

     Ստորեւ կը ներկայացնենք Նաթալի  Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանի   արուեստագէտին հետ  կատարուած   հարցազրոյցը։

Ինչպէ՞ս կ’ուզէք դուք ձեզ ներկայացնել, ուսում, մասնագիտութիւն, մասնակցած ծրագիրներ եւ ցուցահանդէս:

     Ուսումս ստացած եմ Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան»էն ներս եւ ապա Հայկազեան համալսարանէն հաշուապահութիւն աւարտած ու ընկերութեան մը մէջ պաշտօնավարած եմ, սակայն միշտ մէջս այդ խանդը եւ եռանդը կար, որ ես ինձ   ուրիշ տեղ կը գտնեմ...։  Եւ այսպէս շատ պատահական ձեւով օր մը բարեկամի մը համալսարանի աւարտական  ծրագրին օգնելով սկսաւ արուեստի հանդէպ   հետաքրքրութիւնս աճիլ։ Այդ հետաքրքրութիւնը  ձեւով մը   սկզբնակէտ դարձաւ,  եւ մղիչ ուժ,  որմէ ետք  ներշնչուեցայ եւ սկսայ նկարել: Անշուշտ կ’ուզեմ նաեւ յիշել թէ փոքր տարիքէս գծագրական գործեր եւ ցուցահանդէսներ կը հետաքրքրէին զիս մեծապէս:

     Մասնակցած եմ տարբեր ծրագիրներու եւ ցուցահանդէսներու:

2010 Մուսալերան արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէս, Այնճար:

2015 Հաւաքական ցուցահանդէս ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Այնճար:

2016 Հաւաքական ցուցահանդէս, Պուրճ Համուտ:

2017 Հաւաքական ցուցահանդէս, Այնճար:

2020 Առ ցանց հաւաքական ցուցահանդէս կազմակերպութեամբ Անճար Արթ Կալըրիի:

2021 Հաւաքական ցուցահանդէս, Այնճար:

Դէպի ո՞ւր կ’երթայ արուեստը այսօր, ինչպիսի՞ն են արդի ձգտումները:

Այս օրերուն արուեստագէտներէն կը պահանջուի  արդիւնագործութիւն եւ ատակութիւն ամէն չափանիշներով: Իմ կարծիքով հասարակութիւնը կը խուսափի բարդ արուեստներէ, ընկճուած այս վիճակին մէջ արուեստագէտին մարտահրաւէրն է ներկայացնել դրական եւ յոյս ներշնչող աշխատանքներ:

Անդրադառնանք մեր առօրեան յուզող այս դժուար պայմաններուն, արուեստագէտը ի՞նչ վիճակի մէջ է այսօր եւ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները:

     90 Տոկոսը արուեստագէտներուն ունին արուեստի կողքին, իրենց ապրուստը հոգացող գործը, իսկ եթէ մէկ առաւելութիւն կայ հիմա ոսկի առիթ է որ արուեստագէտը կեդրոնանայ նոր մօտեցումով եւ փորձարկէ նոր թեքնիքներ օգտուելով արգելափակման ժամանակամիջոցէն եւ նոր ոճեր կիրառէ: Այսօր իմ փափաքս է եւ կարեւոր ծրագիրներէս մէկը որ  ունենամ իմ կայքէջս: 

 

Ո՞րն է նախասիրած նիւթդ որ կ’ուզես  նկարել : 

     Վերջերս կը նախընտրեմ դիմանկարներ գծել ուր ինքնաշխատութեամբ եւ կարգապահութեամբ  կր ձգտիմ հասնիլ հարազատութեան։ Ի վերջոյ  մարդ արարածը պիտի չվախնայ սխալելէ, եթէ չես աշխատիր, սխալ չես ըներ եւ չես սորվիր: Ամէն մէկ դիմանկար ինծի համար նոր առիթ մըն է եւ նոր մարտահրաւէր մը սորվելու եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու:

 

Ո՞ր արուեստագէտը  ազդեցութիւն գործած է ձեր   վրայ:

     Քորէացի Եանկ Ճի Գիմը վերջերս կը ներշնչէ  զիս անոր գործերը  եւ  ստեղծած անհաւատալի գծագրութիւններով  շատ կ՚ոգեւորուիմ։  

Անոր յիշողութենէն ստեղծուած բարդ տեսարանները անհաւատալի կը թուին յաճախ բայց կիրառելի: