image

Այս փուլին Հայաստանի մէջ ռուսական դպրոցներ բանալու օրակարգ չկայ. Նախարար

Այս փուլին Հայաստանի մէջ ռուսական դպրոցներ բանալու օրակարգ չկայ. Նախարար

Այս պահուն նման հարց օրակարգին մէջ չկայ, բայց ցանկություն ունինք օտար լեզուներու իմացութիւնը զարգացնել՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն: Այս մասին կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ԿԳՄՍ նախարար Վահրամ Տումանեանը՝ անդրադառնալով հարցին՝ արդեօք ՀՀ-ի մէջ նոր ռուսական դպրոցներ պիտի բացուի՞ն, ինչի մասին խօսած են Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարները։ Վահրամ Տումանեան ըսաւ, որ նման ձեւակերպմամբ յայտարութիւններու ծանօթ չէ, խօսքը գուցէ կը վերաբերի ծրագրերու զարգացման։

«Անկեղծ եմ ասում, ես նման ձեւակերպման չեմ հանդիպել, եթէ յղումն ունէք, կը խնդրեմ ինձ տաք։ Ձեւակերպումը մի քիչ այլ կերպ է եղել, որոշ ծրագրերի վերաբերեալ հետաքրքրութիւն դրսեւորել, Լաւրովի հետ մեր նախարարութիւնը շփում չի ունեցել, իրօք ցանկացած ծրագիր արաժանի է ուշադրութեան», ըսաւ ան։

Լրագրողները բառացի մէջբերեցին Սերկէյ Լաւրովի՝ օրեր առաջ կատարած յայտարարութիւնը․ «Տաճիկիստանի մէջ մեր մեթոտաբանութեան ուսուցման ամբողջական ծրագրով հինգ ռուսական դպրոց կը բացուի։ Այժմ նմանատիպ ծրագիր կը պատրաստուի Ուզպեքիստանի համար։ Վերջին շրջանին Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է, որպէսզի նոյնպիսի ծրագիր կատարուի Հայաստանի համար»։

ԿԳՄ նախարարը կրկին պնդեց, որ ծանօթ չէ նման ձեւակերպմամբ յայտարարութիւններուն, բայց կը կարեւորեն ռուսաց լեզուի խնդիրը՝ յատկապէս ժամանակակից աշխարհի մէջ, երբ հաղորդակցութիւնը կարեւոր գործիք է։