Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ այլեւս բանավէճ պիտի չունենայ փոխնախագահ, դեմոկրատներու թեկնածու Քամալա Հարիսի հետ:
«Երբ բռնցքամարտիկը կը պարտուի, անոր առաջին ցանկութիւնը վրէժ լուծելն է: Իսկ հարցումները յստակ ցոյց կու տան, որ ես յաղթեր եմ Հարիսին»,- գրած է Թրամփ իր Truth Social ընկերային ցանցին մէջ:
Ան Հարիսը արմատական ձախ դեմոկրատ անուանած է եւ հերթական անգամ մեղադրած փոխնախագահը եւ նախագահ Պայտընը՝ երկրին մէջ գաղթականութեան ճգնաժամի համար:
Թրամփ-Հարիս վերջին բանավէճը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 11-ին ABC News-ի եթերով: Կ՚ակնկալուէր, որ թեկնածուները կը հանդիպին եւս մէկ անգամ՝ Fox News-ի տաղաւարին մէջ: CNN-ի կատարած հարցումը ցոյց տուած է, որ բանավէճը դիտած քաղաքացիներու 63 %-ը յաղթող համարած է Հարիսը:
Մինչեւ բանավէճը տոկոսային յարաբերակցութիւնը 50-50 եղած է:
Ըստ The New York Times-ի՝ Թրամփի դաշնակիցները եւս կը կարծեն, որ ան աւելի վատ ելոյթ ունեցած է բանավէճին: Reuters-ի տուեալով ալ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահի ընտրութեան քուէարկողներու 47 %-ը կ՚ուզէ ձայնը տալ Հարիսին, իսկ 42 %-ը՝ Թրամփին: