Օրերս 13-ամեայ Ալի Հայսամի (պատանին Շամմայի քրոջ թոռն է) կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է Իրաքցի հանրայայտ արուեստագէտ՝Նասիր Ալ Շամմային։
Մանրամասնութիւններուն մէջ կը հաղորդուի, որ պատանի Ալին իր հօր հետ վաճառատուն մը մտած է օրուայ գնումները կատարելու նպատակով եւ յանկարծ անծանօթ մը խանութ կը մտնէ ու կրակ բանալով տեղն ու տեղը կը սպաննէ պատանին։
Կը նշուի նաեւ, որ զինեալը լեզուակռիւի մը բռնուած է փողոցին մէջ, որմէ ետք ալ մուտք գործած է վաճառատուն ու փորձած է իր դուրս ունեցած վէճը այնտեղ շարունակել։
Շամմա, որ այս առթիւ յուզիչ գրառում մը կատարած է վրդովմունք յայտնած է, թէ մինչեւ երբ անմեղ պատանիներ անիմաստ վէճերու զոհը պիտի դառնան։
Դէպքը շատ հաւանաբար տեղի ունեցած է Իրաքի մէջ, սակայն այդ մասին Շամմա ոչինչ գրած է, ատոր փոխարէն գրելով ՝ «Այլեւս չեմ ուզեր արցունք տեսնել, անտարբեր եւ ոճրագործ մարդոց արարքներուն պատճառով»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Ուտի վարպետ Նասիր Շամմա կը վայելէ, ոչ միայն արաբական արուեստի շրջանակներու սէրն ու յարգանքը այլ ան կը համարուի միջազգային աստղ։