Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի ճամբով հեռագիր մը յղած է երկրի խորհրդարանին։
Այս մասին իմացանք Պէյրութեան լրասփիւռներէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Աուն խորհրդարանէն պահանջած է քննել երկրի տնտեսական դրութիւնը եւ համապատասխան քայլեր առնել երկիրը այս տագնապալի վիճակէն դուրս բերելու համար։
Կը նշուի նաեւ, որ նախագահը դէմ է երկրի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչին կողմէ եղած այն առաջարկին, որուն հիմամբ դրամատունը պիտի դադրեցնէ իր դրամական նեցուկը վառելանիւթ ներածելու համար, որուն հետեւանքով ալ Լիբանանի մէջ վառելանիւթի մէկ թիթեղը (20 լիթր) հազարէն կրնայ վաճառուիլ մինչեւ հազար լիբանանեան թղթոսկիի։
Նոյն առումով մէկէ աւելի վերլուծաբաններ նկատել տուած են, որ Կեդրոնական Դրամատան վառելանիւթ ներածելու համար նախատեսուած նեցուկը հանուի, ապա Լիբանան կրնայ ականտես դառնալ բողոքի շատ մեծ ալիքի։
Նշենք նաեւ, որ մինչեւ այս պահը Լիբանանի Խորհրդարանի ոչ մէկ աղբիւր արձագանգած է Աունի յղած գիրին ու այդ առումով ալ տսակաւին պարզ չէ, որ խորհրդարանը արտահերթ նիստ կը գումարէ կամ ոչ։