image

Աւելի քան 50 քիլօ վարդի անուշ՝ Հալէպի կարիքաւորներուն

Աւելի քան 50 քիլօ վարդի անուշ՝ Հալէպի կարիքաւորներուն

Հալէպը այս օրերուն վարդաբոյր է։ Օգտուելով առիթէն՝ ՍՕԽաչի «Շիրակ» Պաշարի Տան յանձնախումբը պատեհ առիթը օգտագործեց և պատրաստեց աւելի քան 50 քիլօ վարդի անուշ։ 

Իր կարգին, ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութիւնը յարմար նկատեց պատրաստուած անուշը տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Ուստի, ՀՕՄի  «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագրի կողքին, Խնամատարական յանձնախումբը, եռօրեայ դրութեամբ, մօտաւոր 450 ընտանիքի  բաժնեց անուշները, որոնք խանդավառութիւն և ուրախութիւն պատճառեցին նպաստընկալներուն։

Վարդի անուշի պատրաստութեան ամբողջ ծախսը հոգաց Շրջ. Վարչութիւնը, շնորհիւ ՀՕՄի Ամերիկայի Արևելեան շրջանի Միաւորին կատարած նիւթական օժանդակութեան: 

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւն