image

Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանին ստեղծած է 110 յենակէտ

Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանին ստեղծած է  110 յենակէտ

2020 թուականի պատերազմէն ետք Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին ստեղծած է 110 սահմանային-մարտական յենակէտ։

Ինչպէս կը հաղորդէ Ինթըրֆաքսը՝ այդ մասին ըսած է Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Ապաս Խալիլովը։

Ան նշած է, որ պատերազմէն ետք ատրպէյճանա-իրանական սահմանին վերականգնուած է 14 սահմանապահ ուղեկալներու գործունէութիւնը։

Խալիլով նաեւ ըսած է, որ «Ղազախի շրջանի 7 արտագաւառային (exclave) գիւղերու հետ կապուած իրավիճակը Հայաստանի հետ սահմանի սահմանազատման առարկայ է»։