image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի ներթափանցման հետեւանքով հողային կորուստներ չունինք. Արցախի Պետական նախարար

Ատրպէյճանի ներթափանցման հետեւանքով հողային կորուստներ չունինք. Արցախի Պետական նախարար

Կիրակի՝ 5 Մարտի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներթափանցման խումբի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան ծառայողներու վրայ զինուած յարձակման դէպքի հետեւանքով արցախեան կողմը տարածքային կորուստներ չէ ունեցած: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը։

«Ադրբեջանական կողմը զոհեր է տուել ու ետ քաշուել»,- նշած է ան:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ 5 Մարտի առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցման խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ թիրախաւորած եւ կրակ բացած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է ոստիկանութեան 3 ծառայող՝ Փոխգնդապետ՝ Արմէն Մայորի Բաբայեան, Մայոր՝ Դաւիթ Վալերիի Դանիէլեան եւ Լեյտենանտ՝ Արարատ Թելմանի Գասպարեան:Եւս մէկ ծառայող՝ լեյտենանտ Դաւիթ Աշոտի Յովսէփեանը, ստացած է հրազէնային վիրաւորում եւ կը գտնուի հանրապետական բժշկական կեդրոն՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ: