image

Նոր մանրամասնութիւններ Արցախի դէմ եղած սադրանքէն (Տեսանիւթ)

Նոր մանրամասնութիւններ Արցախի դէմ եղած  սադրանքէն (Տեսանիւթ)

Արցախի տեղեկատուական շտաբը նոր տեսանիւթ հրապարակած է ներթափանցման յարձակման մանրամասներէն՝ համապատասխան նշումներով:

«Կից ներկայացնում ենք այսօրուայ ադրբեջանական դիւերսիոն յարձակման մանրամասները՝ տեսանիւթում համապատասխան նշումներով: Այստեղ յստակօրէն երեւում է, թէ ինչպէս է ադրբեջանական դիւերսիոն խումբը մօտենում ճանապարհին ու յարձակում ոստիկանական մեքենայի վրայ, որը Ստեփանակերտից ուղեւորուել էր դէպի հերթափոխի վայր, ինչպէս են Պաշտպանութեան բանակի յարակից դիրքից պատասխան կրակ բացում նրանց ուղղութեամբ եւ մնացած մանրամասները:

Խորին ցաւակցութիւն ենք յայտնում մեր զոհուած բոլոր երեք հայրենակիցների հարազատներին, որոնք բոլորը գտնւում են Արցախում»:

Յիշեցնենք, որ կիրակի  առաւօտուն հայութիւնը արթնցաւ իմանալով Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած սադրանքին  մասին: 5 Մարտի առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցման խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ թիրախաւորած եւ կրակ բացած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է ոստիկանութեան 3 ծառայող՝ Փոխգնդապետ՝ Արմէն Մայորի Բաբայեան, Մայոր՝ Դաւիթ Վալերիի Դանիէլեան եւ Լեյտենանտ՝ Արարատ Թելմանի Գասպարեան:Եւս մէկ ծառայող՝ լեյտենանտ Դաւիթ Աշոտի Յովսէփեանը, ստացած է հրազէնային վիրաւորում եւ կը գտնուի հանրապետական բժշկական կեդրոն՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսայէլեան «Արցախփրէս»ին տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով վիրաւորում ստացած ոստիկանութեան ծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար եւ անոր վիճակը կը գնահատուի կայուն ծանր։

«Առաւօտեան Հանրապետական բժշկական կեդրոն է ընդունուել 1993 թուականին ծնած տղամարդ, ում մօտ կան հետեւեալ ախտորոշումները ՝ կրծքաւանդակի հրազէնային բաց թափանցող վիրաւորում, ձախից թոքի վնասում, բաց հեմոպնեւմաթորաքս: Անհետաձգելի բուժօգնութեան բաժանմունքում իրականացուել են համապատասխան միջոցառումները եւ նա տեղափոխուել է վիրահատարան»,-ըսած է Մհեր Մուսայէլեանը՝ մանրամասնելով, որ հիւանդի բուժումը պիտի շարունակուի վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս։