image

Ատրպէյճան կը փորձէ վիժեցնել բանակցութիւնները վերսկսելու ջանքերը. Միրզոյեան՝ Պորելին

Ատրպէյճան կը փորձէ վիժեցնել բանակցութիւնները վերսկսելու ջանքերը. Միրզոյեան՝ Պորելին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորելն անդրադարձած են Ներքին Հանդի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի հերթական սադրանքին։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հանդիպումը կայացած է փետրուար 13-ին, Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Գործըկերութեան խորհուրդի նիստին ընդառաջ։

«Անդրադարձ է կատարուել նոյն օրն առաւօտեան Ադրբեջանի կողմից առաւօտեան ՀՀ Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի շրջանում Ադրբեջանի զինուած ուժերի հերթական սադրանքի եւ ուժի կիրառման դէպքին։ ՀՀ Արտաքին գործերի նախարարն ընդգծել է, որ այս միջադէպը հերթական անգամ ի ցոյց է դնում այն, որ Ադրբեջանը սահմանային էսկալացիաներ ծաւալելու համար պատրուակներ է փնտռում եւ շարունակաբար փորձում վիժեցնել Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ ու անվտանգութեամբ շահագրգիռ դերակատարների՝ բանակցութիւնները վերսկսելու ջանքերը: Կարեւորուել է Հարաւային Կովկասում իրավիճակի ապակայունացմանն ուղղուած հետագայ քայլերի զսպումը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Միրզոյեանն ու Պորելը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերու շուրջ․ «Անդրադարձ է կատարուել ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման ընթացքին, ՀՀ-ում ժողովրդավարական զարգացումներին, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանում գործընկերութիւնը նոր ուղղութիւններով զարգացնելու նպատակով համատեղ իրականացուած քայլերին ու առկայ հեռանկարներին»։