image

Ատրպէյճան կրկին կրակ բացած է Երասխի մէջ կառուցուող գործարանի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան կրկին կրակ բացած է Երասխի մէջ կառուցուող գործարանի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանը կրկին կրակ բացած է Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Ջի Թի Բի Սթիլ» ընկերութիւնը` նշելով, որ կրակոցներն արձանագրուած են 10 յուլիսին, ժամը 12:25-ին։

Ընկերութիւնը նաեւ տեսագրութիւն հրապարակած է։

Տեսանիւթին մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս գործարանի աշխատակիցները վազելով կը լքեն թիրախաւորուած տարածքը։

«Բարեբախտաբար զոհեր եւ վիրաւորներ չունինք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: