image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան աւերած է Հադրութի հայկական եկեղեցին. Caucasus Heritage Watch

Ատրպէյճան աւերած է Հադրութի հայկական եկեղեցին. Caucasus Heritage Watch

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) ահազանգած է բռնագրաւուած Արցախի Հադրութի շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ աւերման մասին, ինչ որ կը փաստէ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշման խախտման մասին։

2022 թուականի ամրան Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած էր 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի իրաւասութեան տակ անցած Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղի գրեթէ ամբողջական աւերումը։ Հիմնովին աւերուած կառոյցներու շարքին էր նաեւ Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած էր 18-19-րդ դարերուն։

Սակայն, ինչպէս նշուած է հրապարակման մէջ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ քանդումը, ըստ ամենայնի, վերջին քայլը չէր ատրպէյճանական միջամտութեան առումով, քանի որ կազմակերպութիւնն իր շարունակական դիտարկման ընթացքին փաստագրած է ապացոյցներ հետագայ շինարարական աշխատանքներու վերաբերեալ։

Կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է պաշտպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ կանխել Մոխրենեսի հայկական դարաւոր մշակութային եւ կրօնական կեանքը ջնջելու ցանկացած փորձ։

«2022 թուականին եկեղեցւոյ աւերումը Միջազգային դատարանի 2021 թուականի դեկտեմբերի միջանկեալ միջոցի առաջին փաստագրուած խախտումն է»,- ըսուած է կազմակերպութեան հրապարակման մէջ: Ըստ Caucasus Heritage Watch-ին՝ հարց կ'առաջանայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իր վճիռներու խախտումներուն եւ զանոնք քօղարկելու փորձերուն:

Յիշեցնենք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 7 դեկտեմբեր, 2021-ին որոշում կայացուցած էր՝ պարտադրել Ատրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանդալութեան ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ հնութիւններու դէմ»: