image

Աշտարակի կամուրջին վրայ արկածէն զոհուած ընտանիքին մասին տեղեկութիւններ

Աշտարակի կամուրջին վրայ արկածէն զոհուած ընտանիքին մասին տեղեկութիւններ

Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղին մէջ երկու օր առաջ հրաժեշտ տուած են  ինքնաշրաժի ողբերգական վթարէ զոհուած 33-ամեայ Վահէ Յովհաննիսեանին, անոր կնոջ՝ 22-ամեայ Արմինէ Թորոսեանին եւ որդիին՝ 3 տարեկան Վաչէ Յովհաննիսեանին։

NEWS.am-ին գիւղի բնակիչները պատմած են, որ երիտասարդ ընտանիքը Պռոշեան գիւղին մէջ խնճոյքէ կը վերադառնար, երբ տեղի ունեցաւ ողբերգական վթարը։ Աշտարակ քաղաքը շրջանցող կամուրջի վրայ Վահէի վարած «VAZ-2106» մակնիշի մեքենան դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն, բախած արգելապատնէշին, եւ մօտ 50 մեթր արգելապատնէշի մէջ մխրճուած՝ առաջ ընթացած է:

Վահէին տեղափոխած են Աշտարակի հիւանդանոց, կնոջն ու երեխային՝ Երեւան՝ «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։ Ընտանիքի բոլոր անդամները մահացած են։

«Համերաշխ ընտանիք էր, թերութիւն չունէին։ Ողբերգութիւն էր, ընտանիքը խորտակուեց, գնաց։ Մայրը մնաց մենակ, ցաւալի է։ Վահէն իր համեստութեամբ գիւղի հասարակութեան սէրն ու յարգանքն էր վայելում»,- պատմած է համագիւղացիներէն մէկը։

Գիւղի բնակիչները Յովհանիսեաններու ընտանիքի ողբերգութենէն ցնցուած են, ըսած են՝ համեստ տղայ էր Վահէն, 4 տարի առաջ նիգաւանցի Արմինէի հետ ամուսնացած էր։

Հարեւանները պատմած են, որ Վահէն Քլարնէթ կը նուագէր, սորվեցուցած էր նուագել նաեւ մանկահասակ որդիին, կիը զբաղէր նաեւ այգեգործութեամբ։

Քննչական կոմիտէն դէպքի առնչութեամբ նախաձեռնած է քրէական վարոյթ՝ ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները խախտելու յօդուածով։