image

Աշխարհի տնտեսութիւնը մեծ փորձաքարի դիմաց. Չին առաջնորդ

Աշխարհի տնտեսութիւնը մեծ փորձաքարի դիմաց. Չին առաջնորդ

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավար Սի Ծինփին յայտարարած է, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը արդէն կանգնած է ընկրկման վտանգի առաջ։

Ան նշած է, որ առաջին հարուածը ստացած են զարգացող երկիրները: Այս մասին Սի Ծինփին ըսած է Պալիի մէջ G20-ի գագաթնաժողովին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։

Չինաստանի ղեկավարը կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է խթանել աւելի կայուն համաշխարհային զարգացում։

«Տնտեսական համաշխարհայնացումը կանգնած է հակառակ փչող քամիներու առաջ, համաշխարհային տնտեսութիւնը կանգնած է ընկրկման վտանգի առաջ: Բոլորն ալ դժուարութիւններու կը բախին, իսկ առաջինը հարուածը ստացած են զարգացող երկիրները»,- ըսած է ան:

Սի Ծինփինը նաեւ կոչ ըրած է վերացնելու գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան սահմանափակումները։ Ան նշած է, որ պարէնային եւ ուժանիւթային անվտանգութիւնը այսօր ամենահրատապ մարտահրաւէրներն են համաշխարհային զարգացման ոլորտին մէջ։