image

Արմէն Գրիգորեան ամերիկացի պաշտօնատարի հետ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը

Արմէն Գրիգորեան ամերիկացի պաշտօնատարի հետ քննարկած  է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը

Յուլիս 25-ին անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուի Պոնօն։

Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն նշած են, որ հանդիպման քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր։

«Անդրադարձ են կատարել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացին եւ վերջին զարգացումներին: ԱԽ քարտուղարը վերահաստատել է տարածաշրջանում համապարփակ ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հայկական կողմի յանձնառութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։