Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը ընդունած է ԱՄՆ առեւտուրի բաժնի համաշխարհային շուկաներու հարցերով փոխքարտուղար Արուն Վենքաթարամանը։
Ապրիլ 6-էն 8-ը նախատեսուող այցի ծիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի փոխքարտուղար Վենքաթարամանը հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն յայտնած են, որ ան բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան նիստին՝ ընդգծելու Միացեալ Նահանգներու շահգրգռուածութիւնը երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական կապերու խորացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ՝ ուժանիւթի ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան խթանման հարցով։