image

«Արեւմուտքը ծայրայեղ դրսեւորումներ կը հրահրէ մեր ընտրութիւններուն»․ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

«Արեւմուտքը ծայրայեղ դրսեւորումներ կը հրահրէ մեր  ընտրութիւններուն»․ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

Արեւմուտքը Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ ընտրատեղամասերուն մէջ մարդոց կը դրդէ ներգրաւուելու ծայրայեղականութեան մէջ։

Ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

«Այսօր անոնք ուղղակի անցած են ծայրայեղական գործունէութեան։ Անոնք կը հրահրեն մարդոց, որոնք ակնյայտօրէն ինչ որ կապի մէջ են իրենց հետ, որպէսզի ուղղակի գան ընտրատեղամասեր եւ զբաղին այս ծայրայեղական գործունէութեամբ», - ըսած է Զախարովան՝ ելոյթ ունենալով «Ուժ եւ միասնութիւն. դրական փոփոխութիւններ ռուսական հասարակութեան մէջ» դասախօսութեան ժամանակ։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի ղեկավար Էլլա Փամֆիլովա յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահական ընտրութիւններուն քուէաթերթիկները փչացնելու հրահանգները ստացուած են Ուքրանիայէն եւ եւրոպական որոշ երկիրներէ։