image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմտեան Թեմ. Տեղի ունեցած է Դաւիթ Քարամեանի սեղանագիրքի շնորհանդէսը

Արեւմտեան Թեմ. Տեղի ունեցած է Դաւիթ Քարամեանի սեղանագիրքի շնորհանդէսը

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Դիւանէն վերահասու դարձանք, թէ, սոյն թուականի Փետրուար 29-ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած է Տիար Դաւիթ Քարամեանի «Հայաստան-Միայնակ Քարը» սեղանագիրքի շնորհանդէսը:

Երեկոն իր ներկայութեամբ պատուած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեանի եւ Արժ. Տ. Նժդեհ Քնյ. Քեշիշեանի:

Երեկոն բացուած է Հայատանի եւ Միացեալ Նահանգներու պետական օրհներգներու կատարմամբ: Ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Տ. Նժդեհ քահանան:

Ամպիոն հրաւիրուած է Տիար Դաւիթ Քարամեանը որ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է սեղանագիրքի ստեղծման 17 տարիներու իր կեանքի փորձառութիւնը: Երեկոյին ներկայացուած են Հայաստանի պատմական վանքերու եւ յուշարձաններու թեմատիկայով բացառիկ լուսանկարներ, որոնք զարդարուեցան Էտուին Գալտսեանի կենդանի նուագակցութեամբ:

Երեկոն աւարտած է Յովհան Սրբազանի օրհնութեան եւ գնահանտանքի խօսքով առ Տիար Դաւիթ Քարամեանը: