image

Արդեօ՞ք Ռուսիան կը ճանչցուի ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր. Պլինքըն փակագծեր բացաւ

Արդեօ՞ք Ռուսիան կը ճանչցուի ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր. Պլինքըն փակագծեր բացաւ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն չէ համաձայնած հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմի ըսածի հետ առ այն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը երբեք չի ճանչնար Ռուսիան որպէս «ահաբեկչութեան հովանաւոր պետութիւն»։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան համաձայն՝ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրաւունք ունի պետութիւնները ներառել ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրներու ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ բացառել զանոնք։

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովին լսումներու ժամանակ հանրապետականը հարցուցած է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարին. «Բայց դուք երբեք Ռուսիան պիտի չներառէ՞ք ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրներու ցանկին մէջ»։

«Երբեք մի ըսեր երբեք»,- պատասխանած է Արտաքին գործոց նախարարը։ Սակայն ան չէ բացատրած իր խօսքերը։

Պլինքընը մարտին ըսած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան ընդգրկումն այս ցուցակին մէջ կրնայ յանգեցնել անցանկալի հետեւանքներու։ Սպիտակ տունը 2022 թուականի սեպտեմբերին ընդգծած էր, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի որոշումը՝ Ռուսիան չներառել ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրներու ցուցակին մէջ, վերջնական է: