image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ օրուայ հացի խնդիր (Տեսանիւթ)

Արցախի մէջ  օրուայ հացի խնդիր (Տեսանիւթ)

Հացի խնդիրը, հացի արտադրամասերու դիմաց գոյացող հերթերը միայն Ստեփանակերտի մէջ չեն, շրջանի կեդրոններ եւ գիւղեր ապրողները նոյնպէս ստիպուած են ժամերով հացի հերթեր սպասել:

Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան պատրաստած լրագրական տեղեկատուութենէն։

Մարտակերտի մէջ գործող հացի արտադրամասերէն ոչ բոլորը կը գործեն: Վառելիքի բացակայութեան պատճառով միայն հացի արտադրամասերէն հնարաւոր է հաց ձեռք բերել, այն ալ՝ սահմանափակ քանակով: