image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ անցան կտրոններու ռեժիմին

Արցախի մէջ անցան կտրոններու ռեժիմին

Այսօրուընէ Արցախի մէջ մեկնարկած է կտրոններու տրամադրման գործընթացը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութենէն, կտրոններու ձեռքբերման ընթացքին առաջացած որեւէ խնդրի պարագայի կրնան զանգել Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի զանգերու կեդրոն՝ 119 կամ Արցախի Ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան մէջ գործող թէժ գիծ՝ 114։

Յիշեցնենք՝ արցախցիները կտրոններով պիտի կարողանան ձեռք բերել բրինձ, մաքարոնեղէն, հնդկաձաւար, շաքարաւազ եւ ձէթ: Կտրոններով վաճառք պիտի իրականացուի 20 յունուարէն սկսեալ։

Իւրաքանչիւր քաղաքացի պիտի ստանայ 9 կտրոն։ Մէկ անձի համար ամսական կտրուածքով պիտի յատկացուի իւրաքանչիւր սննդամթերքէն մէկական քիլոկրամ եւ 1 լիթր ձէթ։

Կտրոններու տրամադրման գործընթացը մեկնարկած է ժամը 9:00-էն:

Աւելորդ հերթերէ խուսափելու համար Արցախի Ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութիւնը կը յորդորէ իւրաքանչիւր ընտանիքէ սպասարկման կէտ ներկայանայ մէկ անձ՝ իր հետ ունենալով ընտանիքի բոլոր անդամներու համապատասխան փաստաթուղթերը: