Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախի «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն եւս 12 բուժառուներ իրենց ուղեկցողներու հետ տեղափոխած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Կը նախատեսուի օրուան ընթացքին ԿԽՄԿ մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 15 բուժառուի (ուղեկցողներու հետ), որոնք ժամանակին պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար։
«Արեւիկ» բուժմիաւորումէն ներս բուժում կը ստանայ 29 երեխայ, 2-ը կը գտնուին նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն ներս բուժում կը ստանայ 79 հիւանդ, 7 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքու մէջ, որոնցմէ 5-ը` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։