image

Արցախեան խնդրով Զախարովա սլաքներ նետեց

Արցախեան խնդրով Զախարովա սլաքներ նետեց

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամէնշաբաթեայ ճէպազրոյցին մէջ, լրագրողի խնդրանքով, արձագանգած է հարցին առ այն, թէ ինչու ներկայիս բանակցային գործընթացին մէջ փաստացի կ'անտեսուի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ չըլլալու անոր ցանկութիւնը: 

Լրագրողը յիշատակած է ուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարի՝ վերջերս տուած ասուլիսը, որուն մէջ դիւանագէտը անդրադարձած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ հոկտեմբերին Փրակի մէջ ստորագրած պայմանագրին առ այն, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համապատասխանող սահմաններուն եւ 1991-ի դեկտեմբերի Ալմա Աթայի հռչակագրին վրայ:

«Թոյլ տուէք Ձեզի պատասխան հարց յղել՝ իսկ Դուք այդ հարցը ուղղա՞ծ էք Երեւանի մէջ պաշտօնական ներկայացուցիչներուն, Հայաստանի ղեկավարութեան այդ հարցը տուա՞ծ էք: Չէ՞ որ այն կը պահանջէ պաշտօնական դիրքորոշման ձեւաւորում առաջին հերթին նոյնինքն՝ Երեւանէն: Դուք սա հրաշալի կը հասկնաք: Կը կարծեմ՝ Սերկէյ Լաւրով բոլոր շեշտադրումները ըրած է: Աւելցնելու բան չկայ: Այստեղ կարեւոր է  հասկնալ պետութեան պաշտօնական, միասնական դիրքորոշումն այս հարցի վերաբերեալ, եւ այդ ժամանակ մենք կը կարողանանք հրապարակայնօրէն քննարկել այդ նրբութիւնները»,- ըսած է Զախարովան:

Ան խօսքը եզրափակած է, ըսելով՝ «Չեմ գիտեր՝ ինչ աւելցնեմ այն ամէնուն, որու մասին խօսած է Սերկէյ Լաւրով՝ առանց համապատասխան դիրքորոշման, որ պաշտօնապէս պէտք է ձեւակերպուի Երեւանի մէջ՝ որպէս միասնական դիրքորոշում։ Վերջին շրջանին մենք կը տեսնենք բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, նրբերանգներ, որոշ բաներու շատ տարբեր մեկնաբանումներ։ Կը ցանկանայինք հասկնալ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը այս հայեցակէտերու վերաբերեալ», - ըսած է Զախարովան: