image

Արցախցիներու առաջին խումբը հասած է Սիւնիք (Լուսանկարներ)

Արցախցիներու առաջին խումբը հասած է Սիւնիք (Լուսանկարներ)

«Սիվիլնէթ» կայքէն  վերահասու կը դառնանք, որ տեղահանուած արցախցիներու առաջին խումբը ժամանած է Սիւնիք:

Մօտ 40 հոգինոց խումբը կը հաշուառուի մարդասիրական կայանին մէջ։ Կ'իրականացուի կարիքի գնահատում։ Անոնք պատմած են, որ անցակէտով անցած են, ստուգում չէ իրականացուած։

«Սիվիլնէթ»ի հետ զրոյցին Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը նշած է, որ մօտ 250 հոգինոց աշխատանքային խումբ ձեւաւորուած է, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ կամաւորներ:

Մարզի ղեկավարը անդրադառնալով  հարցին, թէ ինչ պատրաստուածութիւն ունի մարզը, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ մեծ թուով վիրաւորներ տեղափոխել Սիւնիք, պատասխանած է․ «Այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ տարուել են: Այս պահին Երեւանից ժամանած մօտ 45 շտապ օգնութեան մեքենաներ կան Սիւնիքում, բժշկական կեդրոնները եւս պատրաստ են: Կոռնիձորի հումանիտար կայանում մենք տեղադրել ենք մօտ երկու տասնեակ համակարգիչներ, որպէսզի մարդկանց առաջնահերթ հաշուառում տեղի ունենայ: Յղի կանանց, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդկանց կը տեղաւորեն հիւրանոցներում, իսկ միւսներին՝ Գորիս, Տեղ, Տաթեւ համայնքներում: Մօտ տասը հազար մարդու կեցութեան հարցը այս պահին մարզում պատրաստ են լուծել»։

Նշենք, որ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ 24 սեպտեմբերին կ'իրականացուի այն ընտանիքներու տեղափոխումը Հայաստան, որոնք վերջին ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մնացած են անօթեւան եւ հանրապետութենէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած։