image

Արա Նաճարեան 5րդ անգամ ըլլալով Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուած է

Արա Նաճարեան 5րդ անգամ ըլլալով Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուած է

Կլենտէյլի քաղաքապետութեան խորհուրդը Արա Նաճարեանը ընտրած է քաղաքապետ: Ան պիտի փոխարինէ Էլեն Ասատրեանը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 15 Ապրիլին, Արա Նաճարեանը ընտրեց Կլենտէյլի քաղաքապետ: Ան պիտի փոխարինէ Էլեն Ասատրեանը:

Արա Նաճարեան Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը պիտի  ստանձնէ 5րդ անգամ ըլլալով: Ան առաջին անգամ այդ պաշտօնը ստանձնած էր Ապրիլ 2007ին:

Հանրային սպասարկութեան ոլորտին մէջ տասնամեակներու փորձառութիւն ունեցող Նաճարեան անցեալ տարի ընտրուեցաւ Պըրպենք-Կլենտէյլ-Փասատինա օդակայանի վարչութեան (BGPAA) նախագահ։  

Նաճարեան Լոս Անճելըս գաւառի Փոխադրական հարցերու վարչութեան (MTA, «Մեթրօ») անդամ է եւ անցեալին եղած է անոր ատենապետը։ Ան եղած է նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղային վարչութեան՝ «Մեթրոլինք»ի անդամ եւ ատենապետը:

«Երախտապարտ եմ այս առիթին համար: Յոյս ունիմ գործընկերներուս եւ քաղաքային խորհուրդի աշխատակիցներուն հետ սերտ համագործակցութեան` Կլենտէյլը իբրեւ բարգաւաճ վայր պահպանելու համար», ըսաւ Նաճարեան: