image

Ապու Տապիի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք.ի մասնակցութիւնը միջ-կրօնական բարձր ժողովի

 Ապու Տապիի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք.ի մասնակցութիւնը միջ-կրօնական բարձր ժողովի

 Օրերս համատեղութեան կարգով ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակից դարձաւ Ապու Տապիի մէջ կայացած միջ-եկեղեցական  կարեւոր ժողովի մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄԷ-ի Թեմի  դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 6-7 Նոյեմբեր 2023-ին, մասնակցեցաւ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարին։

Այս համագումարը կազմակերպուած էր Վատիկանի, Ա.Մ.Է.ի եւ իսլամ բանասէրներու միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ Համագումարին նպատակն էր քննարկում կատարել Ապու Տապիի մէջ կայանալիք կենսոլորտին նուիրուած միջ-պետական հանդիպումին մասին՝ միջ-կրօնական տեսանկիւնէն դիտուած։

Համագումարին ներկայ գտնուած կրօնապետերը հակիրճ ելոյթներ ունեցան, իսկ աւարտին համագումարը հանդէս եկաւ ընդհանուր յայտարարութեամբ։

Յայտնենք, որ Մեսրոպ սրբազանը այս առիթով հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը կրօնապետերու հետ։

 Յաջողութիւն կը մաղթենք սիրելի եւ շնորհաշատ Սրբազան հօր, մաղթելով անոր  երկարակեաց կեանք եւ քրիստոսափայլ  անաղարտ առաքելութիւն։