Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Անթուան Ամին Մըլքին (յայտնի «Ապու Ուիսամ» անունով)։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մըլքին այն օդաչուն էր, որ կը համարուէր սուրիական օդուժի գլխաւոր պատասխանատուներէն մին, իսկ անոր գլխաւոր ձեռքբերումը կը համարուի 1973 թուականին Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի նաւթի զտման կայանը հարուածելը։
Մըլքի, նաեւ մեծ ներդրում ունեցած Սուրիոյ օդուժին զարգացման գործին մէջ նոյնպէս մարզումներ կատարած է Լիպիոյ մէջ, նպաստելով լիպիական օդուժի արդիականացման։
Քրիստոնեայ համայնքի զաւակ Մըլքի ծնած էր Հալէպ, ուր եւ յանձնուեցաւ հողին։