image

«Անհասկնալի է». Իրանցի դիւանագէտը հակադարձած է Ալիեւի խօսքերուն

«Անհասկնալի է». Իրանցի դիւանագէտը հակադարձած է Ալիեւի խօսքերուն

Իրան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խնդիրներու լուծման երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով։ Այս մասին ըսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ  Նասեր Քանաանին։

«Մեր սկզբունքային քաղաքականութիւնը հիմնուած է բարիդրացիութեան եւ բոլոր հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման վրայ, եւ հարեւանի հետ կապերու ամրապնդումը չի նշանակեր, թէ այդ յարաբերութիւնները ուղղուած են միւս հարեւանի դէմ»,- ընդգծած է ան։

Անոր խօսքով՝ Իրան մշտապէս շեշտը դրած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան եւ անոնց տարաձայնութիւններու խաղաղ կարգաւորման վրայ՝ հետեւելով իրաւունքներուն՝ միջազգային իրաւունքներու ծիրէն ներս։ «Ահա թէ ինչու Իրան դատապարտած է Ատրպէյճանի տարածքներու գրաւումը եւ աջակցած հողերու ազատագրման՝ ամենաբարձր մակարդակով»։

Ան նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահի վերջերս ըրած յայտարարութիւններուն Հայաստանի հետ Իրանի կապերու վերաբերեալ։ «Արդէն մօտ երկու տարի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնական անձինք երկկողմ եւ բազմակողմ հանդիպումներ կ'ունենան տարբեր քաղաքկան, զինուորական եւ անվտանգութեան մակարդակներու վրայ՝ մշտական խաղաղութեան եւ հաշտեցման ճանապարհին, որուն կը սատարէ Իրանը, բայց Պաքուի մտավախութիւններու պատճառները հարեւանական հանդիպումներու առիթով անհասկանալի են»։

Խօսելով Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի զօրավարժութիւններու մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու մօտ՝ դիւանագէտը զանոնք անուանած է սովորական եւ նախապէս ծրագրուած, որոնց մասին երկու հարեւան երկիրները նախապէս տեղեկացուած եղած են պաշտօնական ուղիներով։

Անոր խօսքով՝ կովկասեան խնդրի լուծման ուղին կ'անցնի տարածաշրջանի երկիրներու մայրաքաղաքներու, այլ ոչ թէ արտատարածաշրջանային ուժերուն դիմելու միջով։

Իսլամական հանրապետութիւնը, աւելացուցած է ան, անգամ մը եւս կը յայտարարէ  Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ չլուծուած խնդիրներու լուծման աջակցելու պատրաստակամութեան մասին՝ տարբեր ձեւաչափերով, ներառեալ երկկողմ, եռակողմ ձեւաչափերը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան մեքանիզմը «3+3» ձեւաչափով, որուն կը մասնակցին Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները՝ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը եւ գումարած Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը։